Հայ-թուրքական հարթակ

Տեսակետներ Թուրքիայից, Հայաստանից և Սփյուռքից
Թուրքերեն, հայերեն, անգլերեն և ֆրանսերեն թարգմանություն

 

Հայոց ցեղասպանութիւն. Կեդրոնանալ ապագայի վրայ, այլ ոչ թէ միայն անցեալի

 
 
  Այլ տեսակետ

Հայոց ցեղասպանութիւն. Կեդրոնանալ ապագայի վրայ, այլ ոչ թէ միայն անցեալի

Միշել Վիեւորքա

 

 
Միշել Վիեւորքա

Ֆրանսացի հասարակագէտ

Այս յօդուածին մէջ Միշել Վիեւորքա անդրադարձ կը կատարէ «Հայկական զարթօնք»-ին, որ տարբեր ժամանակներուն տարբեր դրսեւորումներ ունեցած է. սկզբնական շրջանին այն տեղի ունեցած է Թուրքիոյ տարածքէն դուրս, իսկ աւելի ուշ նաեւ թուրք հասարակութենէն ներս, որուն համար խթան հանդիսացաւ 2007-ին սպաննուած լրագրող Հրանդ Տինք: Վկայակոչելով թրքական պետութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման պատճառները, հեղինակը կը խորհրդածէ տարածքային եւ նիւթական հատուցումներու մասին, միեւնոյն ժամանակ կարեւորելով հայերու քրիստոնեայ ըլլալու փաստն այս օրերուն, երբ այլ քրիստոնեայ ժողովուրդներ բռնութիւններու զոհ կ՛երթան կամ սպառնալիքի տակ են։ Ի վերջոյ, հասարակագէտը հարց կու տայ թէ ինչպիսին պիտի ըլլայ հայերու ապագան, երբ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը իրականութիւն դառնայ: Ան յատկապես հետեւեալ հարցը կու տայ՝ անցեալը յիշելէն զատ, հայերը ի վիճակի պիտի ըլլա՞ն արդեօք «որպէս մարդկային խումբ յառաջ նայիլ դէպի ապագայ»:

Հարիւր տարի առաջ հայ համայնքները զանգուածային սպանութիւններու զոհ գացին, ինչը պէտք է  կոչել իր անունով՝ Հայոց ցեղասպանութիւն: Այդ ժամանակէն ի վեր վերապրածներու ժառանգները, որոնք այժմ Միջին Արեւելքի, Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Քանատայի, Արժանթինի եւ այլ երկրներու մէջ մեծ սփյուռք մը կը կազմեն, Թուրքիոյ պետութենէն այդ ոճիրի ճանաչումը կ՛ակնկալեն։ 

Սկզբնական շրջանին, աւելի քան կէս դար պահպանուած գրեթէ լռութենէն յետոյ, հայկական զարթօնքը ահաբեկչական ուղին բռնեց՝ թրքական թիրախին կամ Թուրքիոյ շահերուն դէմ հասցուած նպատակասլաց հարուածներով, մինչեւ 1983-ի յուլիսին ԱՍԱԼԱ-յի (Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ, միաժանակ ազգայնական եւ մարքս-լենինեան գաղափարակիրներ) իրագործած Օրլիի օդակայանի աննպատակ մահափորձը, երբ հանրային կարծիքէն ներս անբարեացակամ զգացմունքներ յառաջացան, եւ ի վերջոյ գործողութիւններու այս ձեւը մերժուեցաւ հայութեան կողմէ։

Այդ զարթօնքը նախ տեղի ունեցաւ Թուրքիայէ հեռու՝ Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի և յատկապէս Ֆրանսայի մէջ՝ հայկական սփիւռքի ուժեղ ներկայութիւն ունեցող երկրներու կառավարութիւններուն վրայ գործադրուած ճնշումով, որպէսզի վերջիններս իրենց հերթին ազդեցութիւն գործեն Անգարայի վրայ։ Այնուհետեւ այն զարգացաւ նաեւ Թուրքիոյ մէջ, տեղւոյն հայ մտաւորականներու նախաձեռնութեամբ՝ աջակցութիւն գտնելով նաեւ աշխարհիկ թուրք մտաւորականներու հետզհետէ մեծացող շարքերուն մէջ: Շարժման ամենայայտնի կերպարը՝ լրագրող եւ գրող Հրանդ Տինք 2007-ի յունուարին սպաննուեցաւ Իսթանպուլի իր թերթի խմբագրատան առջեւ երիտասարդ թուրք ազգայնականի մը ձեռքով, իսկ այդ սպանութիւնը հսկայական թափ հաղորդեց արդարութեան եւ ճշմարտութեան սիրահար բազմաթիւ ժողովրդավարներու, ինչպէս նաեւ հայերու ժառանգներու: Նոյն համատեքստի մէջ, Թուրքիոյ մէջ հայկական անցեալի մը, իսկ շատերու համար իրենց իսկ սեփական հայկական արմատներուն վերաբացայայտումը նպաստեց մինչ այդ անտեսուած մշակութային կեանքի եւ պատմութեան պատկերի ձեւաւորման։  Պաշտօնապէս կարելի չէ խօսիլ «ցեղասպանութեան» մասին, բայց թրքական քաղաքացիական հասարակութեան մէջ թապուն  սկսած է կոտրուիլ։

Թէպէտ անոր աշխարհաքաղաքական շահերը եւ հարկադրանքները միշտ չէ, որ ամբողջութեամբ կը համապատասխանեն սփիւռքի ակնկալիքներուն, բայց Հայաստան պետութեան գոյութիւնը նոյնպէս կը նպաստէ Թուրքիոյ կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչման։ Իսկ Զատկին, Ապրիլի 12-ին, հայ կաթոլիկներու հետ համատեղ պատարագի ընթացքին Ֆրանչիսկոս պապը կոչ ըրաւ «ընդդիմանալ չարիքին», վկայակոչելով զանոնք, որոնք «իրենց հաւատքին համար կը գլխատուին, կը խաչուին, ողջ-ողջ կը հրկիզուին»։

Այլ երկրներու մէջ հասարակութեան կատարած աշխատանքին շնորհիւ՝ պետութիւնն ընդունեցաւ ցեղասպանութեան մէջ իր սխալներն ու պատասխանատուութիւնը։ Այսպէս, Գերմանիան ժամանակին որոշեց իրապէս եւ լայնօրէն առերեսուիլ իր նացիական անցեալի ու Հիթլերի կողմէ Եւրոպայի հրեաներու ոչնչացման փաստի հետ: Բայց ցայսօր Թուրքիոյ բոլոր կառավարութիւնները անզիջում եղած են եւ կը հրաժարին նոյնիսկ խօսիլ ցեղասպանութեան մասին:

Արդեօ՞ք ժխտողականություն: Թուրքիոյ յաջորդական կառավարութիւնները չեն ժխտեր զանգուածային յանցագործութիւններու գոյութիւնը, եւ նոյնիսկ կը յիշեցնեն, որ ժամանակակից Թուրքիոյ հիմնադիր Մուսթաֆա Քէմալ զանոնք որակած էր ամօթալի արարք, ստորութիւն: Անոնք կը հրաժարին այնտեղ տեսնել ժողովրդի մը ոչնչացման ծրագիրը պետութեան կողմէ, զոր կ՛ենթադրէ «ցեղասպանութիւն» բառը: Այն հարցականի տակ կրնայ դնել ազգային վիպերգութիւնը, որուն երեւելի դէմքերը ոճրագործի մակարդակին պիտի իջնեն, իսկ ուրիշներ՝ նուազ երեւելի, պիտի արժանանան գողի կամ կեղեքիչի որակումին: Անոնք գիտեն նաեւ որ այդ ճանաչումը կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ՝ տարածքային (գոյութիւն ունի երկար ատեն խորհրդային, սակայն այսօր անկախ հայկական պետութիւն մը, որն այս հարցի շուրջ պահանջներ կրնայ ներկայացնել) եւ ֆինանսական (կրնան, ի վերջոյ, ստիպուած ըլլալ նիւթական կամ գումարային հատուցում տալ զոհերուն, վերադարձնել անշարժ գոյքերը կամ հողատարածքները): Բացի այդ, հայերը քրիստոնեայ են, իսկ անոնց իրաւունք տալը ինքզինք իսլամական հռչակած իշխանութեան կողմէ թուլութեան նշան կրնայ դիտուիլ: Զատկի առթիւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսելով Ֆրանչիսկոս պապը յիշատակեց աւեր տեսած, բայց նաեւ քրիստոնեայ ազգի մը գոյութեան մասին - բան մը որ բնաւ չէզոք չէ այս օրերուն, երբ մահմետական աշխարհի բազմաթիւ երկրներու քրիստոնեաներ զոհ կ՛երթան սարսափելի բռնութիւններու կամ անոնց սպառնալիքի տակ են։

Միջազգային, ինչպէս նաեւ ներքին ճնշումներն ուշ կամ կանուխ անընդունելի պիտի դարձնեն թրքական իշխանութեան բռնած դիրքը, եւ ցեղասպանութեան ճանաչումը իրականութիւն պիտի դառնայ: Տարաբանօրէն սփիւռքի հայ համայնքներուն, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի հայերուն համար այդ ճանաչումը ոչ թէ դարաշրջանի մը աւարտը, այլ աւելի շատ նոր դարաշրջանի մը սկիզբը պիտի ըլլայ։ Բաւարարուած ըլլալով այս կարեւորագոյն հարցին մէջ, անոնք պիտի կարենա՞ն արդեօք պահպանել համայնքային կեանքը, մշակոյթը, իրենց առանձնայատուկ կրթական համակարգերը, պիտի կարենա՞ն արդեօք անցեալը վերյիշելէ զատ յառաջ նայիլ նաեւ դէպի ապագայ՝ որպէս մարդկային խումբ: Զոհի հոգեբանութեամբ կատարուած պահանջատիրութիւնը, անշուշտ, որոշակի ուժ կը հաղորդէ, որու միջոցով յառաջ կու գայ անցեալի տառապանքներէն ներշնչուած պայքար մը, բայց միեւնոյն ժամանակ բաւարար չէ մշակութային ստեղծագործական միջավայր մը յառաջ բերելու: Նման պահանջատիրութիւնը երբեմն նոյնիսկ աննպատակ կը դառնայ, քանի որ այդ պահանջներով հանդէս եկողները կը յայտնուին այնպիսի տրամաբանութեան մը մէջ, որ կ՛առնչուի մելամաղձոտութեան հետ՝ օգտագործելու համար ֆրոյտեան բառապաշարը: Մի՞թէ այսօր - կամ վաղը - հայ ըլլալը կը նշանակէ մարդ, որ վերապրած է ցեղասպանութիւնը, կամ անոր ժառանգն է: Մի՞թէ սա այսօրուան ինքնութիւնը երեկուան կործանման մակարդակին հասցնել չէ:

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար մղուող ներկայիս պայքարին աջակցելով՝ Ֆրանչիսկոս պապը լոկ դիւանագիտական քայլ չէ որ ըրաւ: Ան նաեւ իր ելոյթով իսկ, հետեւաբար իր ներգրաւուածութեամբ, փորձ ըրաւ այս հարցին մասնակի պատասխան մը բերելու. հայերն իրենք զիրենք կրնան բնորոշել նաեւ հաւատքով, կրօնական համոզմունքներով, ինչը իրենց գոյութեան իմաստ մը կրնայ տալ: Ատիկա բավարար կ՛ըլլա՞յ արդեօք հայ նոր սերունդներուն դուրս գալ մելամաղձոտ պարփակվածութենէն, սուգ ընել, այսինքն ապագայի ոգով ապրիլ, եւ ոչ միայն անցեալի, չմոռնալով անշուշտ այդ անցեալը: Գոյութիւն ունին յառաջ մղող այլ ազդակներ. օրինակ, սփիւռքեան զօրաշարժով մը օգնել Հայաստանին, որու տնտեսութիւնը շատ վատ վիճակի մէջ է, կամ մտածել այն ժողովրդավարական դերակատարութեան մասին զոր կրնան ունենալ թրքաբնակ հայերը - Հրանդ Տինքի գաղափարներէն մին, ով կը պայքարեր միաժամանակ փոքրամասնություններու իրավունքներու եւ ընդհանուր առմամբ Թուրքիոյ ժողովրդավարացման համար, եւ ոչ միայն հայկական փոքրամասնութեան տեսանկիւնէն: Ամէն պարագային սա վճռորոշ խնդիր մըն է որ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն անմիջապէս յետոյ ի յայտ պիտի գայ:

 

Հայոց Ցեղասպանություն, Ճանաչում և Փոխհատուցում

Էլ.Ամսագրի

Էլ. Ամսագրի բաժանորդագրում

"Repair" նախագծի գործընկերներ

 

Twitter

Facebook